The Most Poweful & Stylish Site About Armenia and Armenians

Our Heroes

Վաչէ Տաղլեան` ՀԱՀԳԲ մարտիկ
Ծնած է 1964 Հոկտեմբեր 8-ին, Պէյրութ, հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը կ’ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, որ Վաչէի մէջ կ’արթնցնէ ազգին սէրը եւ Հայ Դատի համար պայքարելու ոգին:
Կը յաճախէ թաղին Ազգային վարժարանը, ուր իր մէջ աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը: Տակաւին պատանի արդէն իսկ ծայր կ’առնէ Լիբանանի երկարամեայ պատերազմը: Հետագային ինքն ալ կը մասնակցի պահակութեան գործին:
Սակայն հայութեան ծառայելու իր բաղձանքը, որ պատանի տարիքին կը դրսեւորուէր պահակութեան ճամբով, գոհացում չի տար անոր եւ գաղափարական կազմաւորման ճամբով կ’ուզէ անցնիլ ուղղակի գործոն պայքարի:
Արձակուրդի մը համար տունէն կը մեկնի 18 Յուլիսին՝ ըսելով թէ 15 օրով կ’ուզէ Յունաստան երթալ: Այդ կ’ըլլար իր վերջին մեկնումը:

Leave a comment for: "Our Heroes"

You must be logged in to post a
video comment.

Tag Cloud